2014-04-16 11:28:44

''Քրիստոսի զոհաբերումի ճանապարհը'' ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի, ապրիլ 16-ին, Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Քրիստոսի զոհաբերումի ճանապարհի վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – Սուրբ շաբթուայ կէսին, ծէսը մեզի կը ներկայացնէ Յուդայի դաւաճանութեան դէպքը, որ կը դիմէ ժողովարանի քահանայապետներուն մատնելու համար իր վարդապետը դրամի փոխարեն։
Այս ողբերգական դէպքը սկիզբ կու տայ Քրիստոսի չարչարանքներուն տառապալի այն ճանապարհին, զոր Քրիստոս կ՛ընտրէ ամենայն ազատութեամբ ''Ես կեանքս կու տամ. Ոչ ոք զայն ինձմէ կ՛առնէ. Ես կամովին կու տամ զայն։ Իշխանութիւն ունիմ տալու, եւ իշխանութիւն` ետ առնելու.'' (Յովհ 10, 17-18)։ Յիսուս զոհաբերումի ճանապարհով գալեց մինչեւ վերջ, եւ անով յայտնեց Աստուծոյ անսահման սէրը հանդէպ մարդկութեան։ Յիսուս նուաստացումի ճանապարհը կը լրացնէ խաչին վրայ կեանքը զոհելով։ Ամենայետին մահերէն մին, յատկացուած ստրուկներուն եւ ոճրագործներուն։ Յիսուսին չարչարանքներուն մէջ կը գտնենք չարին եւ մահուան խորհուրդի Աստուածային պատասխանները։ Յաճախ հարց կու տանք չարին դիմաց ''Ի՞նչու Աստուած զայն կը թոյլատրէ''։ Մենք կ՛ակնկալենք որ Աստուած` իր ամենակարողութեամբ, յաղթահարէ անարդարութիւնը, չարը, մեղքն ու տառապանքը, Աստուածային յաղթական յաղթանակով։ Աստուած սակայն մեզի ցոյց կու տայ խոնարհ յաղթանակի ուղին, որ մարդկային գետնի վրայ պարտութիւն կը սեպուի։ Աստուծոյ Որդին խաչին վրայ կը յայտնուի որպէս պարտուած մարդ։ Յիսուսի չարչարանքը ու մահը գլխաւոր ուղին է որուն միջոցաւ Աստուած մեր փրկութիւնը կ՛ապահովէ։ Ճանապարհ մը որ չի համապատասխաներ մարդկային մտածողութեան։ Ու մինչ ամէն բան կորսուած կը թուի, Աստուած կը միջամտէ իր Յարութեան զօրութեամբ։ Յիսուսի Յարութիւնը հեքիաթի մը ուրախ աւարտը չէ, այլ Հայր Աստուծոյ միջամտութիւնն է այնտեղ ուր մարդկային յոյսը կորսուած էր։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ հետելու այս ճանապարհին։ Երբ ամէն ինչ մութ կը թուի մեր կեանքին մէջ եւ դժուարութիւններէն դուրս քալու ոչ մէկ ելք կը գտնենք, այդ պահուն է որ պէտք ենք յոյսով բացուիլ ու դիմել Աստուծոյ, այնպէս ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը Յիսուս։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսկեալներուն։ Վաղը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - կը սկսինք տարուայ ծիսական շրջանի սիրտը նկատուած` սուրբ Զատիկը նախորդող եռօրեան։ Սիրելի երիտասարդներ, խոհրդածեցէք մեր փրկութեան համար Տիրոջ թափած արեան գինի մասին։ Սիրելի հիւանդներ` աւագ ուրբաթ օրը ձեզի սորվեցնէ համբերութիւն ունենալ խաչի ժամանակի ընթացքին եւ դուք սիրելի նորապսկեալներ ձեր ընտանեկան օճախները լեցուցէք Յարութեան ուրախութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.